ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդական-ուսանողական միութեան անդամները Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ հանրահաւաք կազմակերպեցին՝ ի զօրակցութիւն հայրենիքին եւ ընդդէմ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կրկնուող ատրպէյճանական սադրանքներուն:
Երիտասարդական-ուսանողական միութեան անդամները (ղեկավար՝ Արթուր Միրզոյեան) վանկարկումներով եւ տարբեր լեզուներով հնչեցուած կոչերով դատապարտեցին Ատրպէյճանի այդ արարքները։
Վրաստանի Հայ համայնքի ուսանողական միութեան անդամ Վրէժ Յարութիւնեան կազմակերպիչներուն անունով յայտարարեց, որ Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդական եւ ուսանողական միութեան անդամները, նկատի ունենալով երկրին ներկայ իրավիճակը եւ չխախտելով սահմանափակումները՝ հաւաքուած են զօրակցութիւն ցուցաբերելու իրենց հայրենակիցներուն։ Հաւատարիմ մնալով Վրաստանի հայ համայնքի պաշտօնական կոչին՝ զերծ մնալ սադրանքներէ, իրենք կը ցուցաբերեն բարձր քաղաքացիական պատասխանատուութիւն:
«Այն ժամանակ, երբ ամբողջ աշխարհը պայքարում է անտեսանելի թշնամու դէմ, Ատրպէյճանը օգտւում է համաշխարհային խառնաշփոթից եւ յարձակողապաշտութիւն է ցուցաբերում հայ-ատրպէյճանական շփման գծում՝ յանդգնութիւն ունենալով այս ամէնում մեղադրելու Հայաստանին: Վերջինս նաեւ Թուրքիայի պաշտօնական աջակցութեամբ սպառնում է պայթեցնել Հայաստանի ատոմակայանը, որը ահաբեկչական սպառնալիք է հանդիսանում ամբողջ տարածաշրջանի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի համար:
«Դատապարտում ենք նաեւ Ատրպէյճանի կողմից կառավարուող խմբերի կողմից ազգամիջեան ատելութիւնը Վրաստան տեղափոխելու ցանկութիւնը եւ փորձը: Վրաստանը մեր բոլորի տունն ու հայրենիքն է եւ հաշիւներ պարզելու դաշտ չէ», կ՛ըսուի այս առիթով հրապարակուած կոչին մէջ։
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին բողոքի ցոյցին կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն՝ այս դժուարին օրերուն հայրենիքին զօրակցելու եւ Վրաստանին սադրանքներու մէջ ներգրաւելու ատրպէյճանական փորձերը դատապարտելու համար: