
Կիրակի, 19 Յուլիսին, ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։ Հաւաքի կոչին մեծ թիւով ընդառաջած ցուցարարները եկած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով՝ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու ատրպէյճանական գրգռութիւններուն դէմ, որոնք պատճառ դարձան զինուորներու մահուան։
Հանրահաւաքին ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները դատապարտող ելոյթով հանդէս եկաւ է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
Նոյն նպատակով ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Հայկական կազմակերպութիւններու միութիւնը Ամսթերտամի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին։
Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ եւս հայերը կատարեցին խաղաղութեան ի նպաստ ցոյց մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սերժ Տէր Յակոբեան: Ցոյցին մասնակցեցաւ նաեւ Հայ ուսանողական կազմակերպութիւնը:
