Ուրուկուէյի Լայն ճակատ կուսակցութիւնը հրապարակային հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը եւ արտայայտեց իր «մերժումը թրքական կառավարութեան այն յայտարարութիւններուն, որոնք Ատրպէյճանի յարձակումին կը զօրակցին»: Լայն ճակատը դիրք ճշդեց նաւ ի նպաստ Հայաստանին:
Լայն ճակատի ղեկավարներէն ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեան հարցը բարձրացուց երկրի օրէնսդիր ժողովին:
Նաեւ, Արժանթինցի ծերակուտական, արտաքին գործոց նախկին նախարար Խորխէ Թայիանա Պուէնոս Այրսի «Արմէնիա» թերթին ըսաւ հետեւեալը. «Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն, որոնք մարդկային կորուստներու պատճառ դարձան: Արժանթին զօրավիգ է Մինսկի խումբի միջնորդական գործընթացին՝ հարցին խաղաղ լուծում մը տալու համար: Այս գործընթացը, որուն համաձայն գտնուեցան երկու կողմերը, վտանգուած է վերջին ամիսներու ատրպէյճանական յարձակողականութեան պատճառով»: