
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանը Յուլիսին, իր հերթական ժողովին ընթացքին տուաւ երկու որոշում, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի հետ գործակցութեան եւ Արցախի զօրակցութեան։
Շրջանը որոշեց 12,000 եուրոյի նպաստ մը յատկացնել «Հայաստանի Աղբիւրներ» ընկերակցութեան ղեկավարած հայաստանեան առցանց հարթակին, որուն նպատակն է ուսումնական ծրագիրներով զարգացնել ֆրանսախօսութիւնը։
Նոյն նպատակով, 50,000 եուրոյի նպաստ մը պիտի յատկացուի Ստեփանակերտի ֆրանսախօսութեան կեդրոնին, որ կը կրէ Փօլ Էլուարի անունը։ Այս կեդրոնին նպատակն է՝ ուսուցանել ֆրանսերէն, տարածել ֆրանսական մշակոյթը եւ սատարել Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ կապերու սերտացման։