ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ վերջին յարձակումին լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը մտադիր է 20 Յուլիսին քննարկել Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան մատակարարումը արգելափակելու հարցը, նեցուկ կանգնելու համար շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։
Քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն եւ Ֆրենք Փալոն այս նպատակով առաջարկած են թիւ 66 եւ թիւ 397 յաւելուածները՝ 2021ի Ազգային պաշտպանութեան բանաձեւին (թիւ 6395)։ Շըրմընի յաւելուածին համահովանաւորներն են՝ քոնկրեսականներ Փալոն, Ճեքի Սփիր, Էտըմ Շիֆ եւ Թի․Ճէյ․ Քոքս, իսկ Փալոնի յաւելուածին՝ քոնկրեսականներ Շըրմըն, Սփիր եւ Շիֆ։
«Մինչ Ատրպէյճան կը սաստկացնէ իր անդրսահմանային յարձակումները, նման քայլեր Քոնկրեսին առիթ պիտի տան զսպելու Ալիեւի բռնարարքները եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Ներկայացուած յաւելուածներով կ՛առաջակուի ամերիկեան ոչ մէկ ռազմական աջակցութիւն տրամադրել Ատրպէյճանի կառավարութեան մինչեւ այն ատեն, որ նախագահը չէ որոշած եւ Քոնկրեսին չէ զեկուցած, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ակնյայտ քայլեր կը ձեռնարկէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շրջափակումները եւ ուժի կիրառման քայլերը դադրեցնելու համար:
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Շիֆ, Փալոն, Շըրմը եւ Քոքս, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Էտ Մարքի այս շաբաթ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի նորագոյն սադրիչ գործողութիւնները:
Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումը դատապարտելու Եւ անոր ռազմական աջակցութիւնը այապաղ կասեցնելու համար դիմեն իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն, այս նպատակով հաստատուած՝ anca.org/alert կայքէջին միջոցաւ։
Հայ Դատը նաեւ կը շարունակէ իր ջանքերը՝ Հայաստանին եւ Արցախին ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։