ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին «Քորոնա» ժահրի վարակումները սկսած են արագօրէն աճիլ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի ազդրարարեց, որ Լոս Անճելըսի մէջ մեկուսցման պայմանները Կրնան վերահաստատուիլ, եթէ քաղաքացիները չհետեւին դիմակ կրելու եւ հեռաւորութիւն պահպանելու ցուցմունքներուն։
Նշենք, որ 8 Յուլիսի յետմիջօրէին հաղորդուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն Լոս Անճելըսի գաւառի տարածքին մահացած են 65 վարակակիներ եւ արձանագրուած են 2496 նոր վարակումներ։ Մտահոգիչ է նաեւ այն տուեալը, որ նախորդող 7 օրերուն ընթացքին կատարուած քննութիւններուն ընթացքին վարակուածերու միջինի համեմատութիւնը բարձրացած է 10.4 տոկոսի։
Վարակումները աճ կ՛արձանագրեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ առնուազն 24 նահանգներու մէջ տնտեսութիւնը վերաբանալու ջաքերը սառեցուած են կամ մեկուսացման պայմանները վերահստատուած են:
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 296,000ի եւ արձանագրուած են 6723 մահեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար 3.15 միլիոն եւ 135,342 են։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 12.2 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը՝ 554,000ի: Ապաքինած են մօտաւորապէս 7.15 միլիոն վարակուածներ:
Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 1.7 միլիոն, 794,272 եւ 707,301 վարակուածներ: