ՀՌՈՄ.- Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 31րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Ա. Էս. Ռոման»ն 8 Յուլիսին հիւրընկալեց «Փարմա»ն:
Հակառակ անոր որ հիւր կազմը 9րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, 43րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան նշանակեց «Ռոմա»ի հաւասարութեան կօլը, իսկ անոր մէկ խմբակիցը 85րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթանակի կօլ, փոխանցումը ստանալով նոյնինքն Մխիթարեանէն:
Նշենք, որ 5 Յուլիսին, Նափոլիի մէջ տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, Մխիթարեան հիանալի կօլ մը նշանակեց մրցումին 60րդ վայրկեանին, սակայն հիւրընկալ խումբը մրցումը աւարտեց 2-1 յաղթանակով: