ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայազգի գործարար Նուպար Աֆէյեանի համահիմնադրած «Մոտերնա» ընկերութիւնը «Քորնա» ժահրի հաւանական պատուաստը Միացեալ Նահանգներէն դուրս մատակարարելու առաջին համաձայնագիրը կնքած է սպանական Laboratorios Farmaceuticos Rovi SA ընկերութեան հետ, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Մոտերնա» ընկերութիւնը Միացեալ Նահագներու մէջ մարդոց վրայ պատուաստ փորձարկած առաջին ընկերութիւնն է: Ընկերութիւնը այս ամիս պիտի սկսի փորձարկումներու նորագոյն եւ աւելի ընդարձակուած հանգրուանը:
Աւելի կանուխ, ընկերութիւնը արտադրութեան ընդարձակման համաձայնագիր կնքած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ եւ 10ամեայ համագործակցութեան պայմանագիր զուիցերական՝ Lonza Group AG ընկերութեան հետ: