ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 8 Յուլիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 535 նոր պարագաներ՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 29,820ի։ Մէկ օրուան ընթացքին ապաքինած են 520 անձեր, եւ մահացած` 18 ուրիշներ:
Ժահրէն ապաքինածներուն ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 17,427ի, բուժուողներունը՝ 11,708ի, ընդհանուր քննութիւններունը՝ 127,171ի, իսկ մահերունը՝ 521ի։