ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Վերաքննիչ քրէական դատարանը, դատաւոր Մխիթար Պապոյեանի նախագահութեամբ՝ բեկանեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ բանտարկւթիւնը որպէս խափանման միջոց ընտրելու միջնորդութիւնը մերժելու մասին դատարանի որոշումը եւ զայն ուղարկեց նոր քննութեան: Այդպիսով, մասամբ բաւարարուած է Դատախազութեան վերաքննիչ բողոքը: Այս մասին «Փաստինֆօ»ն տեղեկացաւ պաշտպան Սամուէլ Դիլբանդեանէն:
Նշենք, որ պաշտպանական կողմին ներկայացուցած վերաքննիչ բողոքները մերժուեցան: Պաշտպանը տեղեկացուց, որ դատարանին որոշումը տակաւին չեն ստացած, աւելին` ներկայ չեն եղած դատական նիստին, որովհետեւ դատարանը նախապէս տեղեակ չէ պահած, թէ ե՛րբ պիտի հրապարակէ որոշումը: Ըստ Դիլբանդեանի՝ դատարանը ինքնզինք նիստի հրաւիրած էր եւ այդ մասին պաշտպանական կողմը տեղեակ չէր պահած: