ՊԷՅՈՒԹ, «Ազդակ»․- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:
Հանդիպումէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վերաբերող հարցեր` շեշտելով, որ ան Պըրրիի մօտ շօշափած է Լիբանանի հանդէպ իր յանձնառութիւնը եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու ճիգերը, որպէսզի երկրին դիմագրաւած տագնապը միասնաբար կարելի ըլլայ յաղթահարել:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ինք Պըրրիին ներկայացուց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ սկսած օրէնսդրական իր ընդարձակ աշխատանքը` ընդգծելով, որ Պըրրիի կողմէ այդ աշխատանքը որդեգրելու կարիքը կայ:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան նշեց նաեւ, որ Պըրրին իրազեկ պահեց երիտասարդական քաղաքականութեան ծրագիրը գործադրելու ջանքերուն մասին: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելու տարուած աշխատանքին եւ խորհրդարանին մէջ արագացնելու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան օրէնսդրական աշխատանքին համար պէտք եղած դասաւորումները: