ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ»․- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիան, որ կառուցուած է իբրեւ քրիստոնէական տաճար՝ պէտք է բաց ըլլայ բոլորին համար, զայն համարելով «հանդուրժողականութեան եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ներկայիս կը ջանայ իբրեւ թանգարան գործածուող տաճարը մզկիթի վերածել։
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիա Ս. Սոֆիա տաճարին կարգավիճակի փոփոխութեան հարցին մէջ հաւասարակշռուած որոշումներ կ՛ակնկալէ Անգարայէն, «նկատի ունենալով հաւատացեալներուն զգայնութիւնները»: Ան յիշեցուց տաճարին մշակութային եւ պատմական բացառիկ կարեւորութիւնը` իբրեւ համընդհանուր ժառանգութիւն, յոյս յայտնելով, որ տաճարին կարգավիճակին վերաբերող բոլոր պահանջները, ներառեալ կառոյցին ապահովութիւնը եւ մատչելիութիւնը, խստօրէն կը պահպանուին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւս յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը փափաքի, որ Ս. Սոֆիա տաճարը պահուի իր ներկայ կարգավիճակին մէջ: