ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թրքական Պատմութեան հաստատութիւնը պատրաստած է Հայկական Հարցին մասին հինգ լեզուներով նոր «վաւերագրական» ֆիլմեր, որոնց հիմնական նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն նպաստել։
Թրքերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով, ֆրանսերէնով եւ սպաներէնով պատրաստուած այս ծրագիրը կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան օրերուն «հայոց ապստամբութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան եւ քարոզչական աշխատանքներուն»։
Այս շարքը, որ հասանելի է ընկերային ցանցերու վրայ՝ կը բաղկանայ եօթը բաժիններէ. «1915․ ահաբեկչութիւն եւ ապստամբութիւն», «1915․ տեղահանութիւն», «Սփիւռք, դիւանագիտութիւն եւ քարոզչութիւն», «ԱՍԱԼԱ. հուր եւ արիւն», «Կեղծ փաստաթուղթեր եւ ճշմարտութիւններ», «Առանց պատմութեան դիւանագիտութիւն» եւ «Առաջին կրակը. 1915․ Իսլամ բնակչութեան դէմ ողբերգութիւն»։