ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ խումբ մը փաստաբաններու ընկերակցութեամբ, երէկ այցելեց իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Խալաֆի փոխանցեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքին որդեգրելիք քայլերուն մասին` լիբանանցիներու խմբաւորում մը ներկայացնող անհատի մը կողմէ Լիբանանի արժանապատիւ հայ համայնքին դէմ գործուած յարձակումներուն լոյսին տակ: «Մենք կը հաւատանք դատական իշխանութեան եւ կը գործենք օրէնքի յարկին տակ: Այս հարցը զուտ իրաւական է, եւ մենք պիտի չներքաշուինք սադրանքներու ու ծուղակներու մէջ, պիտի չտարուինք արարքներով Լիբանանը բաղկացնող հիմնական համայնքի մը դէմ գործուող գաղտնի սպասարկութիւններու, որոնք արտաքին զօրակցութիւն կը վայելեն: Այս յարձակումը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած յարձակում կը նկատենք», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Ապա խօսք առաւ իրաւաբան Զիատ Պիթար, որ յայտնեց, թէ այդ այցելութեան նպատակն է իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահը տեղեակ պահել Լիբանանի արժանապատիւ համայնքներէն մէկուն դէմ արձանագրուած սպառնալիքներուն եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն մասին: Պիթար հաստատեց, որ իրենք կը գործեն օրէնքի յարկին տակ` ընդգծելով ազգային միասնականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:
Պատուիրակութիւնը դատական հարց յարուցեց ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի մօտ` Մունիր Հասանի եւ Մերտինցիներու արաբական լիբանանեան միութեան դէմ, նկատի ունենալով հայութեան դէմ անոր ունեցած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններն ու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութեան գովաբանութիւնը:
Նշենք, որ նշեալ երեք երեսփոխաններուն կողքին, Ժորժ Օքէյս, իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին նախագահ Ժորժ Ժրէյժ, իրաւաբան Զիատ Պիթար եւ աւելի քան երեսուն հայ եւ ոչ հայ իրաւաբաններ ստորագրեցին յարուցուած դատին տակ: