ՄՈՍԿՈՒԱ․- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Զարիֆ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով` մատնանշելով Դամասկոսի վրայ յաւելեալ տնտեսական ճնշումներ բանեցնելու Ուաշինկթընի փորձերը՝ աւելցնելով. «Ուաշինկթըն ամէն ինչ կ՛ընէ Սուրիոյ կայունութիւնը քայքայելու համար»:
Ան հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Մենք` Ռուսիան եւ Թուրքիան, կ՛աջակցինք Ասթանայի հոլովոյթին եւ մօտ օրէն միացեալ հանդիպում մը պիտի ունենանք»` նշելով, որ Թեհրան եւ Մոսկուա Աֆղանիստանի վերաբերեալ համահունչ պատկերացում ունին:
«Միացեալ Նահանգները հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալէն ետք բոլոր միջոցները կ՛օգտագործէ Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, եւ այդ անընդունելի է», աւելցուց Զարիֆ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին ըսաւ, թէ Ռուսիա դէմ պիտի դնէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական ծրագիրը ականահարելու եւ Իրանի նկատմամբ թշնամական ծրագիրներ յառաջ մղելու որեւէ փորձի:
Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի տնտեսական ու ուժանիւթային ոլորտին մէջ յարաբերութիւնները կը զարգանան` մերժելով Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք կը հակասեն միջազգային կանոններուն:
Ան ողջունեց Թեհրանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնումը` աւելցնելով. «Մանրամասն կերպով քննարկեցինք հիւլէական թղթածրարը եւ զայն պահպանելու կարեւորութիւնը»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ վերակառուցման եւ այդ երկրին մէջ տեղահանուածներուն օժանդակելու հարցը նաեւ Չինաստանի եւ միւս երկիրներուն կոչ ուղղուած է` Իրանի հետ գործակցելու:
Լաւրով ըսաւ, որ Մոսկուա Իրանի զէնքի մատակարարման արգելքի երկարաձգումը օրինական չի նկատեր։
«Մենք կը զօրակցինք Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծումին, եւ ներքին բոլոր կողմերը պէտք է մասնակցին քննարկումներուն», աւեցուց Լաւրով:
Ան յայտնեց նաեւ, որ Թեհրանի մէջ Ասթանայի հոլովոյթին շուրջ ժողովէն առաջ, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ եռակողմանի տեսաժողով մը պիտի գումարուի: