ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի»․- Մինչ «Քորոնա» ժահրին պատուաստ մը գտնելու քննութիւնները կը շարունակուին Անգլիոյ, Չինաստանի, Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ժահրով վարակուած հիւանդները բուժելու ջանքերուն մէջ իր դերակատորութիւնը պիտի ունենայ նաեւ միայն բրիտանական հինգ փունտ արժող «Տեքսամեթազոն» դեղը:
Արդարեւ, Բրիտանիոյ մէջ, Օքսֆըրտ համալսարանի գիտնականներուն ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ այդ դեղը կը նուազեցնէ վարակուածներուն մահուան հաւանականութիւնը: Վեց հազար մարդոց վրայ իրականացուած փորձարկումները ցոյց տուած են, որ անիկա 33 տոկոսով կը նուազեցէ արհեստական շնչառութեան սարքերու միացուած հիւանդներու մահուան հաւանականութիւնը։ Այդ հաւանականութիւնը 20 տոկոս է թթուածին ստացող հիւանդներուն մօտ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 16 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 33 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1337 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 75,084 վարակումներ եւ 2959 մահեր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 841,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 159,000ի եւ արձանագրուած են 5205 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2․2 միլիոն եւ 119,290 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու եւ մահերու թիւերը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակուած են 929,149 հոգի, որոնցմէ 45,467ը մահացած է։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 8.3 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 447,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 4․3 միլիոն վարակուածներ։