ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արտաշէս Արտի Քասախեան Երեքշաբթի օր նշանակուեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ջուրի հարցերու վարչութեան անդամ, ներկայացնելու համար Կլենտէյլ քաղաքը։ Ան կը փոխարինէ Վարդան Կարապետեանը։
Յիշեցնենք, որ Մարտին, նախքան Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուելը, Արտաշէս Արտի Քասախեան մօտաւորապէս 15 տարի վարած էր Կլենտէյլի քաղաքի քարուղարի պաշտօնը։ Քասախեան հասակ նետած է Կլենտէյլի մէջ եւ յաճախած է քաղաքի հանրային վարժարանները։ Ան առաջին անգամ 2005ին ընտրուեցաւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար՝ իրականացնելով շարք մը յատկանշական բարեկարգումներ։ Ան համալսարանական իր ուսումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ։