ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Մինէափոլիսի մէջ կեղծ թղթադրամ (20 տոլարմոց) շրջանառելու մեղադրանքով ձերբակալուելէ ետք, սպիտակամորթ ոստիկանի մը կողմէ խեղդամահ եղած 46ամեայ սեւամորթ քաղաքացի Ճորճ Ֆլոյտ ամբողջ աշխարհի տարածքին դարձած է ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ: Ֆլոյտ 9 Յունիսին հողին յանձնուեցաւ իր ծննդավայր Հիւսթընի մէջ, իր մօր գերեզմանին կողքին, մօտաւորապէս 4 ժամ տեւած յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք: Իր արտասանած խօսքին մէջ, հոգեւորական, իրաւապաշտպան եւ քաղաքական գործիչ Էլ Շարփթըն ըսաւ. «Ֆլոյտ մերժուած էր ու անպիտան քարի մը պէս մէկ կողմ նետուած: Աստուած վերցուց այդ մերժուած քարը եւ դարձուց ամբողջ աշխարհը փոխելու շարժումին հիմնաքարը»:
Ֆլոյտի ընտանեական պարագաներուն հետ հանդիպում մը ունեցած Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն տեղի ունեցած բողոքի քայլարշաւները եւ ցոյցերը, որոնք կը դատապարտեն ոտիկանութեան շարունակուող բռնարարքները եւ կը պահանջեն ցեղային ու ընկերային արդարութիւն, զինք հասցուցած են այն համոզումին, որ Ֆլոյտի սպանութիւնը «ամբողջ աշխարհը պիտի փոխէ»:
Պայտըն առիթը գործածեց դատապարտելու ցուցարարներուն նկատմամբ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցաբերած հակադարձութիւնը եւ Ֆլոյտը վարկաբեկելու անընդունելի եւ անհիմն փորձերը:
Յիշեցնենք, որ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք Թրամփ անոր եղբօր հետ ունեցած էր հեռաձայնային «զրոյց» մը, որուն ընթացքին միայն ինք խօսած էր եւ նոյնիսկ մէկ նախադասութիւն արտասանելու առիթ չէր տուած Ֆլոյտի եղբօր…
Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին ցոյցերը կը շարունակուին, դատապարտելով ոստիկանութեան բռնարարքները։
Այս ծիրին մէջ, Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ անտեղի եւ անհամաչափ բռնարարքներու դիմած առնուազն 28 ոստիկաններու պարագաները։
Վերջապէս, ցուցարարներ բնիկ ժողովուրդներու հետ զօրակցելու համար հաւաքուեցան Վըրճինիայի Ռիչմընտ քաղաքին մէջ գտնուող Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսի մէկ յուշարձանին մօտ. անոնք, նշելով, որ Քոլոմպոս բնիկներու ցեղասպանութիւնը կը խորհրդանշէ՝ վար առին անոր արձանը, ապա զայն նետեցին Պիրտ Փարք լիճը: