ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Ամերիկայի Ձայն»ը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու վարակիչ հիւանդութիւններու կանխարգիլման կեդրոնի աւագ փորձագէտ Էնթընի Ֆաուչի յայտնեց, որ «Քորանա» ժահրի պատուաստներու երրորդ փուլի փորձարկումները, որոնց կը մասնակցին հազարաւոր մարդիկ, պիտի սկսին Յուլիսին, Նուպար Աֆէյեանի համահիմնադրած «Մոտերնա»ի կողմէ։ Օգոստոսին պիտի սկսին «Oxford/AstraZeneca»ի փորձերը, իսկ Սեպտեմբերին՝ «Johnson & Johnson»ի:
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ 12 Յունիսէն սկսեալ, մասնակիօրէն պիտի վերաբացուին մարզանքի սրահները, թանգարանները, կենդանաբնական պարտէզները, բանակավայրերը, պանդոկները եւ պիտի վերսկսին շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու արտադրութիւնները։
Յայտնենք, որ մինչ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կեանքը բնականոն հունի մէջ դնելու աստիճանական ջանքերը կը շարունակուին, «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը կը շարունակէ աճ արձանագրել 19 նահանգներու մէջ, իսկ 7 նահագներու մէջ կացութիւնը կայունացած կը թուի ըլլալ: Մնացեալ 24 նահագներուն պարագային, վարակումներուն թիւը արդէն իսկ սկսած է նահանջ արձանագրել:
Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 10 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 61 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1275 նոր պարագաներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 67,064 վարակումներ եւ 2768 մահեր: Քննութիւններուն թիւը հասած է 732,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է:
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 140,000ի եւ արձանագրուած են 4870 մահեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2.07 միլիոն եւ 115,529 են:
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ կան 787,489 վարակուծներ, իսկ մահերուն թիւը անցաւ 40,000ի սահմանը: Վարակակիրներու արագ աճ կ՛արձանագրուի նաեւ Հնդկաստանի մէջ, ուր ներկայիս կան 298,000 վարակուածներ։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 7.5 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը՝ 421,000ի: Ապաքինած են մօտաւորապէս 3.82 միլիոն վարակուածներ: