ԼՈՆՏՈՆ․- Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը լուսարձակի տակ առաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցող ոստիկանութեան բռնարարքներուն եւ ցեղային խտրականութեան դէմ բողոքի խաղաղ ցոյցերուն ընթացքին տեղի ունեցած ինքնաշարժներով կամ հրազէնով յարձակումները եւ սպառնալիքները։
Բացուած յետաքննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ յարձակումներուն մեծ մասը կատարուած է ծայրայեղ ազգայնամոլներու կողմէ, որոնք նման արարքներու դիմեցին հետեւեալ քաղաքներուն մէջ՝ Սիէթըլ (Ուաշինկթըն), Լէյքսայտ (Վըրճինիա), Տենվըր (Քոլորատօ), Կէյնզվիլ (Ֆլորիտա), Մինէափոլիս (Մինիսոթա), ՄըքԵլըն (Թեքսաս), Շիքակօ (Իլինոյ), Պոյզի (Այտըհօ), Սոլթ Լէյք Սիթի (Եութա) եւ Պէյքըրսֆիլտ ու Ափլենտ (Քալիֆորնիա):