«Շեշտը Կը Դնենք Երիտասարդութեան Վրայ, Անոր Պատասխանատուութիւն Տալով»
Վարեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սմբատ վրդ. Սապունճեան (աւազանի անունով Ճորճ) ծնած է Լիբանան, 1991ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Յունիս 2012ին: 18 Յուլիս 2015ին, հայր Սմբատ ստացած է վարդապետական աստիճան։ 2 շրջաններու համար (2012/2015-2017/2019) եղած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գաւազանակիրը: Երկու տարի դասաւանդած է Պէյրութի Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս: Երեք տարիներ ծառայած է Յունաստանի թեմէն ներս` իբրեւ հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, ուր նաեւ իբրեւ ատենադպիր աշխատակցած է Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղին մէջ: Հայր սուրբը նաեւ ստանձնած է Համազգային պարախումբի վարչութեան ատենապետութիւնը երեք տարիներ շարունակ: Յունաստանի մէջ հետեւած է յունարէն դասընթացքներու: Հայր սուրբը նաեւ հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Լիբանանի եւ Քաթարի թեմերուն մէջ՝ իբրեւ այցելու հոգեւորական: Հոկտեմբեր 2020ին, բարձր տնօրինութեամբ Արամ Ա. հայրապետին եւ նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ան ստանձնեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, որուն առընթեր ան կը դասաւանդէ կրօն` Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին մէջ: Հայր Սմբատը կը սիրէ լուսանկարչութիւնը, պատմական նիւթերը եւ ընթերցանութիւնը։
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Երբ եւ ինչո՞ւ նուիրած էք ձեր կեանքը հոգեւոր ծառայութեան։
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Առաջին հերթին կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի Պր. Նուպար այս գեղեցիկ առիթը ստեղծելուն համար: 2001էն սկսեալ իբրեւ դպիր ծառայած եմ Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ամէն Կիրակի մասնակցելով Սուրբ պատարագին աւելիով կը մօտենայի այն հոգեւոր կեանքին, որուն ընդմէջէն այսօր անարժանաբար լծուած եմ հոգեւոր ծառայութեան: Այստեղ կ՛ուզեմ յիշել արժանապատիւ տէր Օշին քահանայ Գէորգեան, որուն առաջնորդութեամբ իմ քայլերը ուղղուեցան դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը: 2005-2006 տարեշրջանը եղաւ կեանքիս անկիւնադարձային փոփոխութեան տարին: Պարզ դպրոց մը չէ Դպրեվանքը, այլ իսկապէս հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու բերդ մըն է, ուր դպրեվանեցին կը լիցքաւորուի կերտելու համար ապագայ հոգեւորականի նկարագիրը:
2010ին դասընկերներուս հետ միասնաբար արժանացանք սարկաւագութեան աստիճանին, որմէ 2 տարիներ ետք՝ 2012 Յունիս 16 եւ 17ին զինուորագրուեցանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:
Դպրեվանքին մատուցած դաստիարակութիւնը ինքնաբերաբար մեր մէջ զարգացուց նուիրումի հասկացողութիւնը: Մեր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան առաջին տարիները՝ Դպրեվանքի հովանիին տակ ապրիլը մեր հոգեւորական ըլլալու կոչման մեծագոյն պատճառը հանդիսացաւ: Հետեւելով մեր մեծերուն, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրինակին, մեր քայլերը ուղղուեցան դէպի Կիլիկեան Ս. Աթոռին պարգեւած ծառայութեան: Նուիրուիլ կը նշանակէ սիրել, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին ցուցաբերած սէրը եւ գուրգուրանքը մեզի հանդէպ սատար հանդիսացաւ նոյնպէս սիրելու եւ նուիրուելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան։
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր ծնողները որքանո՞վ ազդած են ձեր վրայ՝ ձեր կեանքը նուիրելու ազգային ու հոգեւոր ծառայութիւններու։
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Բնականաբար ծնողքս իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած է Դպրեվանք յաճախելուս եւ ապա կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելու որոշումիս վրայ: Իբրեւ երիտասարդ բախտաւոր կը զգամ ունենալու ծնողք մը, որ իւրաքանչիւր քայլիս հետեւած է, շատ անգամ երբ արմատական որոշումներ կատարելու պատրաստուած եմ ծնողքս եւ մասնաւորաբար հայրս միշտ ուղղած են զիս որպէսզի ճիշդ որոշում տամ։
Երախտապարտ եւ շնորհակալ եմ, որ Աստուած զիս արժանացուց այս դաշտին մէջ ծառայելու պատեհութեան. աւելին՝ երջանիկ կը զգամ ունենալու այսպիսի ծնողք մը որ արթուն մնաց, խրատեց եւ քաջալերեց զիս:
Գիտէ՛ք, երիտասարդի մը համար դժուար պիտի ըլլայ պայքարիլ աշխարհիկ ժամանակաւոր հոսանքներուն դիմաց, եթէ չունենայ ծնողք կամ այնպիսի մարդիկ իր շրջապատին մէջ, որոնք իրապէս զինք պիտի առաջնորդեն ճիշդը կատարելու: Կրնամ ըսել, թէ ամէն անգամ, երբ սխալ կամ անյաջող որոշումի կամ արարքի մը դիմաց գտնուած եմ, ծնողքս միշտ եղած է անյտեղ զիս սրբագրելու համար:
Վերջապէս, ծնողքիս աղօթքներուն, խրատներուն եւ քաջալերանքին դիմաց մեծապէս պարտական կը զգամ: Թող Աստուած պահէ բոլոր ծնողները։
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ներկայիս որքա՞ն է ձեր ծուխի անդամներուն թիւը։
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Առաջին հերթին կ՛ուզեմ յայտնել թէ անցեալ Հոկտեմբերին ստանձնեցի Հոգեւոր Հովիւի պաշտօնը: Ներկայիս եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած հաւատացեալներուն թիւը կը հասնի 1200 ընտանիքներու, որոնց հետ մնայուն կապ կը հաստատենք եւ որոնք միշտ ալ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն եկեղեցւոյ հանդէպ: Վերոյիշեալ թիւը արձանագրուած թիւն է: Այս թիւէն դուրս ալ կան հայորդիներ, որոնք եկեղեցական մեր կեանքին հետ յաճախ կ՛առնչուին:
Բնականաբար իւրաքանչիւր տարի մեր հաւատացեալներու տուներէն ներս նոր անդամներ կ՛աւելնան, ինչ որ կը մեծացնէ համայնքիս թիւը: Մենք միշտ աղօթող ենք որ մեր համայնքը իր ամբողջութեամբ առողջ եւ երկար կեանք ունենայ:
Եկեղեցւոյ ծուխի անդամները տարածուած են Սան Ֆրանսիսքոյի եւ ծովածոցի շրջաններուն մէջ: Հսկայ տարածութեան մը վրայ սփռուած այս համայնքը միշտ հաւատարիմ մնացած է եկեղեցւոյ առաքելութեան: Վստահ եմ, նոյն այս նուիրումուվ եւ գիտակցութեամբ եկեղեցի-համայնք սերտ կապուածութիւնը պիտի շարունակուի։
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ներկայիս այս «Քորոնա» ժահրի համաճարկին ստեղծած դժուար պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս է եկեղեցական կեանքը, կամ ի՞նչպէս կը գործէ մեր եկեղեցին։
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- «Քորոնա» ժահրին ստեղծած այս կացութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր համայնքային կեանքին վրայ: Մարտ ամսուան սկիզբէն ի վեր կիրարկման մէջ դրուած տունը մնալու օրէնքը, ընդհանրապէս սառեցուց մեր համայնքային կեանքը: Հետեւելով ազգային Առաջնորդարանի ցուցմունքներուն եկեղեցական արարողութիւնները շարունակուեցան, սակայն առանց հաւատացեալ ժողովուրդի մասնակցութեան:
Այսօր, ինչպէս բոլորը գիտեն, մեր եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուին առցանց: Միաժամանակ, օտագործելով համացանցային միջոցները կը փորձեցնք կարելի եղած չափով մնայուն հաղորդակցութեան մէջ մնալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակը մեր առաքելութեան արգելք չհանդիսացաւ եւ իբրեւ ազգային հաստատութիւն դժուարութիւն չունեցանք հասնելու մեր համայնքի անդամներու կարիքներուն:
Կիրակնօրեայ սուրբ պատարագները կը սփռուին «Ֆէյսպուք»ի, «Ինսթակրամ»ի եւ «Եութիւպ»ի միջոցաւ: Կրնանք հաստատել թէ հաւատացեալներուն մասնակցութիւնը գնահատելի է, մանաւանդ այս օրերուն, երբ մարդիկ անորոշ իրավիճակի մատնուած են եւ մեծապէս կարիքը ունին հոգեւոր առաջնորդութեան եւ մխիթարանքի:
Ծանօթ պատճառներով, այս տարուան համար նախատեսուած պսակադրութեան եւ մկրտութեան բոլոր խորհուրդներու կատարումը յետաձգուած են ցնոր տնօրինում:
Այստեղ հարկ է նշել, թէ Աստուածաշնչական սերտողութիւնները, Կիրակնօրեայ վարժարանի դասընթացքները, Քրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի աշակերտներուն հետ հանդիպումները եւ երիտասարդական հաւաքները կը կատարուին ZOOM-ի միջոցաւ: Նկատի ունենալով տիրող կացութիւնը, մենք` իբրեւ հոգեւոր հովիւ, Հոգաբարձութիւն եւ Տիկնանց միութիւն, մեր պատրաստակամութիւնը յայտնած ենք հասնելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին:
Աղօթող ենք, որ այս տիրող իրավիճակը շուտով իր աւարտին կը հասնի, եւ կրկին անգամ կը վերադառնանք մեր համայնքային կեանքին: Վստահ եմ, որ բոլորս ալ կարօտով կը սպասենք եկեղեցւոյ վերաբացման: Առողջութիւն եւ ապահովութիւն կը մաղթենք մեր համայնքի բոլոր անդամներուն։
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Եկեղեցւոյ շուրջ ի՞նչ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կան, որոնց հետ կը գործակցիք տարուան ընթացքին։
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Միութիւններուն հետ մեր ունցած յարաբերութիւնը սիրալիր եւ համագործակցութեան ոգիով լեցուած կապ մըն է: Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր գաղութ կամ համայնք իր եկեղեցւոյ շուրջ կ՛ունենայ միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Նոյնպէս ալ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, եկեղեցւոյ շուրջ եղող բոլոր միութիւնները կ՛աշխատին եւ կը ձգտին ծառայութիւն մատուցել մեր համայնքի անդամներուն: Սկսելու համար կ՛ուզեմ յիշել բոլոր այն միութիւնները եւ հաստատութիւնները, որոնք կը գործակցին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հետ. առաջին հերթին պէտք է ըսել, որ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը միասնաբար կ՛աշխատին եկեղեցւոյ պայծառութեան ու բարօրութեան համար:
Քրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը հիմնական արժէք ունենալով մեր գաղութէն ներս՝ կը գիտակիցինք այն իրողութեան, որ աշակերտները սերտօրէն պէտք է կապուին մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: ՀՄԸՄի երեք մասնաճիւղերուն (Սան Ֆրանսիսքօ, Սանթա Քլարա, Ուալնաթ Քրիք) հետ մեր ունեցած սերտ յարաբերութիւնը առիթը կու տայ ՀՄԸՄականներուն աւելի սերտօրէն ճանչնալու Հայ առաքելական եկեղեցին: ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնները եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը սերտ յարաբերութեան մէջ են եկեղեցւոյ հետ: Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը՝ իբրեւ մշակութային փարոս, հայկական արուեստի, երգի, պարի եւ այլ ճիւղերու մէջ կեդրոնանալով, մեր գաղութը իւրայատուկ մակարդակի վրայ կը պահէ: Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի մեր սիրելի անդամները տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին յանուն արդարութեան: Անոնց մղած պայքարը անպայման պիտի պսակուի սուրբ յաղթանակով, այդ իսկ պատճառով անոնց գործունէութիւնը անհրաժեշտ տեղ կը գրաւէ մեր գաղութային կեանքին մէջ: ՀՕՄի 3 («Կարին», «Էրեփունի» եւ «Ակնուն»ի մասնաճիւղերը իրենց երկարամեայ ծառայութեամբ մեր գաղութին մէջ Հայ Օգնութեան նպատակը կը մարմնաւորեն: Յիշենք որ եկեղեցին իր կը համագործակցի նաեւ «Արարատ» հայրենակցական միութեան, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան, «Թրիփըլ Էքս»ի եւ «Նոր Գալ»ի տարեցներու ծառայութեան հետ:
Եկեղեցի-միութիւն կապը միշտ սիրալիր եղած է: Այս համագործակցութիւնն է որ համայնքիս արժէքը կը ներկայացնէ: Հաստատօրէն համոզուած ենք, որ նոյն այս ընթացքը պիտի շարունակուի նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելով։
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր ընթացիկ եկեղեցական գործունէութեան կողքին, ուրիշ ի՞նչ ձեռնարկներ կ՛ունենաք համայնքին մէջ, օրինակ` պազարը, դաշտագնացութիւնը եւ այլլն։
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- Բնականաբար, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, այս տարի շատ մը ձեռնարկներ եւ ծրագիրներ յետաձգուեցան: Մինչեւ Մարտ ամսուան սկիզբը, մենք մեր բնականոն աշխատանքը եւ ծրագիրները կատարեցինք թէ՛ եկեղեցական, մշակութային եւ թէ այլազան ծրագիրներու գործադրութեամբ: Այստեղ հարկ է նշել, որ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը միշտ նոր գաղափարներով կու գայ նորութիւն բերելու համայնքային կեանքին մէջ:
Իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ առաջին իսկ օրէն կը պատրաստենք ծրագիր մը տեսահոլովակներու, որոնք կը սփռուին եկեղեցւոյ Facebook-ի եւ Instagram-ի պաշտօնական էջերուն վրայ: Արդէն իսկ ընթացք առած է այս ծրագիրը, եւ ամսական դրութեամբ նոր տեսահոլովակ մը կը տեղադրուի, նիւթ ունենալով այն արժէքները, որոնք մեր կեանքի առանցքը կը կազմեն: Սոյն տեսահոլովակը կը կոչուի «Դէպի Լուսաւոր Կեանք»:
Խօսելով պազարին եւ դաշտագնացութեան մասին, ինչպէս գիտէք, այս տարի անորոշ իրավիճակ մը ստեղծուած է, այդ իսկ պատճառով վերջնական որոշումի չենք հասած: Պէտք է ըսել, թէ բոլոր գաղութներուն մէջ նոյն այս կացութիւնը կը տիրէ:
Կային շարք մը ծրագիրներ, որոնք պիտի իրագործուէին այս անցնող եւ յաջորդող ամիսներուն, սակայն լիայոյս ենք որ յաջորդ տարի առիթ պիտի ունենանք այդ ծրագիրները իրականացնելու:
Այս առիթը կ՛ուզեմ օգտագործել՝ խօսելու համար երիտասարդութեան մասին, անոնց մասնակցութեան մասին: Երիտասարդութիւնը մեր համայնքի ապագան է, անհրաժեշտ կը նկատենք անոնց մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, շեշտը կը դնենք երիտասարդութեան վրայ, անոնց պատասխանատուութիւն տալով: Անցնող ամիսներուն ընթացքին, բազմաթիւ անգամներ հաւաքներ կազմակերպեցինք երիտասարդութեան հետ ունենալով նպատակ մը եւ այդ նպատակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը զգալի դարձնելը:
Լիայոյս ենք, որ յառաջիկայ ամիսներուն, մանաւանդ երբ կացութիւնը կը բարեփոխուի դարձեալ պիտի լծուինք մեր աշխատանքներու եւ նպատակներու իրագործման:
Գրիչդ դալար, Նուպար ճան: