ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 4 Յունիսին ընդունեց Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը:
Քննարկուեցան զոհուած ազատամարտիկներու եւ առաջին կարգի հաշմանդամ զինուորներու մայրաքաղաքին մէջ բնակող ընտանիքներուն բնակարաններու վերանորոգման վերապերող հարցեր: Նախագահը յայտնեց, որ մօտէն կը հետեւի այս աշխատանքներուն՝ շեշտելով, որ անհրաժեշտ է գործադրել բոլոր ջանքերը նախանշուած ժամկէտին հասցնելու համար ծրագիրին աւարտը:
Արայիկ Յարութիւնեան հետաքրքրուեցաւ նաեւ մասնաւոր ներդրողներու կողմէ Ստեփանակերտի մէջ իրականացուող բնակարանաշինութեան ընթացքով՝ կարեւոր նկատելով, որ յառաջիկային մայրաքաղաքին մէջ պիտի մեկնարկեն նոր թաղամասերու կառուցման աշխատանքներ: «Առաջիկայ հինգ տարիներին կառուցելու ենք հազարաւոր բնակարաններ, որը թոյլ է տալու լուծել հերթացուցակում գտնուող սպայական անձնակազմի, զոհուած, առաջին կարգի զինհաշմանդամ մեր հայրենակիցների ընտանիքների, սոցիալական այլ խմբերի բնակարանային խնդիրը եւ, ամենակարեւորը, հիփոթեքային մատչելի պայմաններ ստեղծել՝ կեանքի կոչելով «Իւրաքանչիւր ընտանիքի՝ առանձին բնակարան» նախընտրական շրջանի մեր կարգախօսը», յայտնեց Ա. Յարութիւնեան՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ մինչեւ այդ բնակարաններու շինութեան աւարտը նշեալ ընկերային խմբաւորումներուն եւ ընտանիքներուն կառավարութեան կողմէ պիտի տրամադրուի բնակարաններու վարձքի փոխհատուցում։
Հանդիպման ընթացքին Դաւիթ Սարգսեան նախագահին ներկայացուց քաղաքային տնտեսութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ իրականացուող պայքարի աշխատանքները: