ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ա. Բ. Նալբանդեանի անուան քիմիական բնագիտութեան բաժանմունքը հնարած է հականեխիչ նոր նիւթ մը՝ «Պիօքսիլ 2», որ կարելի է յաջողութեամբ օգտագործել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ, յատկապէս տարածքներու, մակերեւոյթներու եւ իրերու հականեխման համար:
Ակադեմիայէն յայտնեցին, որ «Պիօքսիլ 2»ը արդիւնաւէտ, քլոր չպարունակող, աշխոյժ թթուածինի հիման վրայ ստեղծուած ախտահանող-լուացող նիւթ է, որ չի թունաւորեր շրջապատը, բնապահպանական առումով անվտանգ է եւ ոչ մէկ հետեւանք կ՛ունենայ մարդու առողջութեան: Առաւել՝ «Պիօքսիլ 2»ը չի քայքայեր իրերը եւ հոտ չունի։
«Պիօքսիլ 2»ի յաջող փորձարկումներ եղած են Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան «Ախտահանման կենտրոն»ին եւ «Տուբերկուլոզի (թոքախտի) դէմ պայքարի ազգային կենտրոն»ին մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի սնունդ արտադրող ձեռնարկութիւններու մէջ: Բոլոր փորձարկումներուն արդիւնքները հաստատած են, որ «Պիօքսիլ 2»ը բարձր արդիւնաւէտութիւն ունի եւ կարելի է զայն օգտագործել։