ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 25 Մայիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը:
Ն. Փաշինեան դիտել տուաւ, թէ ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած են բոլոր նախադրեալները, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնները, իշխանութիւնները ռազմավարական, երկարաժամկէտ ծրագիրներու իրագործման փուլ անցնին: Ըստ անոր՝ արդէն իսկ քննարկուած են յատկապէս գիւղատնտեսութեան, արտադրութեան, արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ ընդհանուր գործերու կազմակերպման վերաբերող հարցերը:
«Ինչ վերաբերում է անվտանգութեանը՝ Հայաստանը եւ Արցախն անվտանգային ընդհանուր տարածք են, եւ այս առումով մեր անելիքները, մարտահրաւէրներն ակնյայտ են եւ բացայայտ: Համոզուած եմ, որ մենք կը կարողանանք համագործակցուած դիմակայել մարտահրաւէրներին, կառավարել այդ մարտահրաւէրները եւ մեր հայրենիքը դուրս բերել ռազմավարական, երկարատեւ եւ կայուն զարգացման ուղի», յայտնեց վարչապետ Փաշինեան:
Իր կարգին, Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ համարկման խորացումը իրեն համար պիտի ըլլայ գլխաւոր թեմաներէն մէկը՝ աւելցնելով. «Պատահական չէ, որ մտածում ենք առանձին՝ ինտեգրման (համարկման-Խմբ.) կոմիտէի տեսքով ստորաբաժանում ունենալու մասին: Արդէն իմ հրամանագրով նախանշուել է, որ այն ստեղծուի»:
Անվտանգութեան առումով, ըստ նորընտիր նախագահին, կայ կարեւոր համագործակցութիւն պաշտպանութեան բանակին մէջ, բայց երկու երկիրները ունին նաեւ հարցեր՝ անվտանգութեան վերաբերող մնացեալ ուղղութիւններով, ուր համատեղ աշխատանքը եւս կարեւոր է:
Ան հիմնական նկատեց նաեւ գործակցութիւնը տնտեսական բնագաւառին մէջ։ «Ակնկալում եմ անմիջապէս ձեր աջակցութիւնը պահպանելու նոյն տեմպը (կշռոյթը-Խմբ.), ինչպէս վերջին տարիներին եղել է ձեր ղեկավարման ընթացքում, որպէսզի առաջիկայում տեսնենք Արցախի շէնացման, զարգացման աւելի ցայտուն օրինակներ: Տեսնում եմ Արցախն օր առաջ փոխելու, զարգացնելու եւ որպէս հայութեան համար կարեւոր բնօրրան ներկայանալու հնարաւորութիւնը», յայտնեց Ա. Յարութիւնեան։