Յառաջիկայ օրերուն, ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի անկախ առաջին Հանրապետութեան հռչակման 102րդ տարեդարձը: 102 տարիներ առաջ, մեր ժողովուրդին համար, ամէն առումով դժուար ու անբարենպաստ պայմաններու մէջ նուաճուած Հայաստանի անկախ պետականութեան հռչակման քայլը անկասկածօրէն մեր ազգի գոյատեւումը երաշխաւորող բախտորոշ եւ պատմակշիռ իրադարձութիւն էր:
Բացատրութեան չի կարօտիր հաստատումը՝ որ եթէ գոյութիւն չունենար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը գոյութիւն չէր ունենար նաեւ մեր այսօրուան անկախ Հանրապետութիւնը: Մինչ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմական փորձը հայ քաղաքական միտքի զինանոցը հարստացնող գաղափարական ներշնչման, պատմութեան դասերու եւ քաղաքական խորհուրդներու ամբողջ դպրոց մը կը հանդիսանայ, մեր այսօրուան անկախ պետականութիւնը ապրող ու շնչող եւ ամէն օր զարգացող իրականութիւն է, որուն խարիսխը մեր ազգային ինքնիշխանութեան իրաւական ոյժն է:
Ինքնիշխանութեան իրաւունքի ուժով է որ մեր պետական անկախութիւնը կը կենսաւորուի: Միմիայն մեր ազգային-պետական շահերէն թելադրուած՝ ինքնուրոյնաբար քաղաքական որոշում տալու մեր ոյժով եւ կարողութեամբ է որ մեր անկախութիւնը կը ստանայ կենդանի կերպարանք:
Մեր երկրին եւ պետականութեան ապրող ու զարգացող այս իրականութեան մէջ, հայ քաղաքական միտքը Անկախութեան տարեդարձի այս օրերուն, իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի նաեւ ախտաճանաչումի, քննարկման եւ գնահատումի ճամբով արծարծելու եւ մատնացոյց ընելու իսկական խնդիրները եւ մարտահրաւէրները, որոնք կը ցցուին մեր պետական անկախութեան եւ գերիշխանութեան առջեւ:
Անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին, ամէն տարի ազգովին անկախութեան օր տօնախմբեցինք, միաժամանակ սակայն, նաեւ կուլ տուինք մրուրը՝ մեր պետական այրերուն երկրին ինքնիշխանութեան հասցուցած հարուածներուն:
Մեր երկրին տնտեսութիւնը ռուսական գերիշխանութենէն անհամեմատ կախեալութեան տակ դրուեցաւ նորովի, երբ առաջին նախագահ Տէր Պետրոսեանի օրերուն՝ 1993ին կնքուեցաւ Ռուսիոյ հետ տնտեսական միութիւն ստեղծելու համաձայնագիրը:
Նոյնը շարունակուեցաւ անոր յաջորդին՝ երկրորդ նախագահ Քոչարեանի օրերուն, երբ «գոյք՝ պարտքի դիմաց» պայմանաւորուածութեամբ, Հայաստանի տնտեսական մեծագոյն կալուածները չնչին գումարներու դիմաց Ռուսիոյ յանձնելու գործարքը իրականացաւ: Ռուսիայէն կախեալութիւնը իր վերջին փուլին յանգեցաւ երրորդ նախագահ Սարգսեանի օրերուն, երբ 1993ի տնտեսական համաձայնագիրին հիմքերուն վրայ, Հայաստան գրեթէ պարտադրաբար անդամակցեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան:
Այս բոլորը մեր նորագոյն պատմութեան քանի մը փուլերն են միայն, որոնք սակայն, կը կարօտին իրաւաքաղաքական գնահատումի՝ ճիշդ պատկերացնելու համար անոնց՝ մեր երկրի ինքնիշխանութեան հասցուցած հարուածին տարողութիւնը: Պատահական չէ, օրինակ, որ Ռուսիա այսօր բնական կազի իր գիները կ՛ուզէ պարտադրել մեր երկրին՝ մեկնելով 2013ին, Հայաստանի հետ կնքուած կազի համաձայնագիրէն, որուն տեւողութիւնը 30 տարի է: Այս համաձայնագիրը նոյնիսկ չ՛արտօներ Հայաստանին շուկայական աւելի շահաւէտ այլընտրանքներ փնտռելու:
Վերջապէս, իրաւական եւ քաղաքական գնահատանքի կը կարօտի նաեւ տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած արտաքին պարտքերու տխուր պարագան, որ մեր պետական ինքնիշխանութիւնը խոցելի դարձնող այլ ազդակ մըն է: Սկզբունքով, մեր պետութեան եւ երկրին տնտեսութեան ենթակառոյցները զարգացնելու նպատակով առնուած այս փոխառութիւնները փաստօրէն ինչի՞ ծառայեցին: Հարցում՝ որ պատասխանի կը սպասէ:
Մեր պետական գերիշխանութեան եւ, վերջին հաշուով, մեր անկախութեան սպառնացող այսպիսի մարտահրաւէրներ ազգովի՛ն դիմագրաւելու անխուսափելի հարկադրանքին առջեւ ենք այսօր:
Անցնող տասնամեակներուն, հայաստանեան քաղաքական կենսափորձը մէկ խօսուն ապացոյցն է այն իրականութեան, որ պետականօրէն որքա՛ն խոցելի կը դառնանք, երբ իշխանութեան կու գան ուժեր, որոնք չեն վայելեր ժողովուրդին վստահութիւնը եւ որոնք չեն հանդիսանար արտայայտութիւնը անոր քաղաքական կամքին:
Այսպիսին է քաղաքական օրինաչափութիւնը: Մեր պետական գերիշխանութիւնը առաւել խոցելի, իսկ արտաքին նկրտումներու եւ ոտնձգութիւններու դիմաց մեր դիմադրականութիւնը առաւել դիւրաբեկ կը դառնան, երբ երկիրը ղեկավարող իշխանութիւնը օրինականութեան խնդիր ունի՝ յաչս սեփական ժողովուրդին:
Օրինաչափօրէն իրականութիւն է նաեւ այն, որ մեր պետական գերիշխանութիւնը անհամեմատօրէն նուազ խոցելի եւ արտաքին մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մեր ընդունակութիւնները, իբրեւ պետութիւն, շատ աւելի բարձր կ՛ըլլան, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի ինքզինք իրապէս տէրը զգայ իր երկրին: Իսկ ժողովուրդը տէրն է իր երկրին, երբ քաղաքացիական իր իրաւունքներու լիազօրութեամբ ՝ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ մեր պետականութեան կառուցման գործին եւ երբ իր քաղաքական ազատ կամքով եւ գիտակցութեամբ կ՛ընտրէ իր փափաքած իշխանութիւնը:
Ահա՛ մեր անկախութեան եւ գերիշխանութեան գրաւականը:
Միայն ու միայն ժողովուրդին հաշուետու եւ անոր ոյժին ու վստահութեան ապաւինող իշխանութիւններն են ընդունակ արդիւնաւէտ պայքարի՝ ընդդէմ արտաքին ոտնձգութիւններու:
Այսօր, ամէն բանէ առաջ, Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի մօտ երկրին տէրը ըլլալու իրաւունքին գիտակցութիւնը զարգացնելու պատասխանատուութիւնը ունին թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ ընդդիմադիրները եւ թէ, ընդհանրապէս, քաղաքական ուժերը:
Հայրենի մեր ժողովուրդին երկու տարի առաջ սկսած ազատագրումի երթը յուսադրիչ հանգրուան մը նուաճեց դէպի ժողովուրդի իշխանութիւն: Պէտք է մեր պետականութիւնը վերակառուցել այդ հանգրուանին վրայ: Իսկ այդ երթը խափանելու ամէն փորձ պարզապէս ջուր կը լեցնէ մեր գերիշխանութեան եւ անկախութեան սպառնացող ուժերու ջաղացքին: