ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրան «ամերիկեան-սիոնական լրատուամիջոցներու մեծ սուտ» որակեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու շուրջ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութեան մասին լուրերը՝ յիշեցնելով. «Ասատ Սուրիոյ օրինական նախագահն է եւ արաբական աշխարհին մէջ իսլամ ծայրայեղութեան դէմ պայքարի մեծ ղեկավարը: Թեհրան բոլորովին կը զօրակցի Սուրիոյ ազգային գերիշխանութեան եւ անոր հողային ամբողջականութեան»:
Լրատուամիջոցներ նախապէս տեղեկութիւններ հաղորդած էին, թէ Ռուսիա եւ Իրան համաձայնութիւն գոյացուցած են Ասատը իր պաշտօնէն հեռացնելու շուրջ, արագացնելու համար Սուրիոյ մէջ 2011էն ի վեր շարունակուող տագնապին քաղաքական լուծման հոլովոյթը:
Իր կարգին, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը պիտի վտարուին Սուրիայէն եւ Իրաքէն, որովհետեւ «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ պատերազմներ հրահրել եւ ահաբեկչութեան ու անիրաւութիւններու աջակցիլ»:
Նաեւ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ Վենեզուելլա ուղղուող իրանեան քարիւղատարներուն դէմ ամերիկեան որեւէ քայլի` ընդգծելով. «Իրանեան նաւերը Վենեզուելլա քարիւղ կը փոխադրեն պաշտօնապէս եւ օրինական առեւտուրի ծիրին մէջ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը ջանայ ամէն գնով համաշխարհային համակարգը խանգարել:
«Սուրիոյ մէջ իրանեան խորհրդատուական ներկայութիւնը սուրիական օրինական եւ պաշտօնական կառավարութեան խնդրանքով է, եւ Իրան ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պայքարին մէջ աջակցութիւն կը տրամադրէ», յայտնեց Մուսաւի՝ աւելցնելով. «Իրան Սուրիոյ մէջ պիտի մնայ այնքան ատեն, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը զանազան մարզերու մէջ մեր օժանդակութիւնը կ՛ուզեն»: