ՄՈՒՇԻ ՄԷՋ ՔԻՒՐՏ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏ ՄԸ ԵՒՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԵՑԱՒ
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիպահեր»․- 19 Մայիսին, Կարս նահանգին մէջ, Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու դէմ թրքական ոստիկանական մէկ գործողութեան ընթացքին, 34ամեայ ոստիկանապետ մը սպաննուեցաւ։
Միւս կողմէ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն ընտրուած քաղաքապետներու ձերբակալութիւնները շարունակուեցան եւ այս անգամ անոնց զոհ գնաց Մուշի Ալթընովայի շրջանի համայնքապետը, որ կը մեղադրուի «ահաբեկչական զինուած կազմակերպութեան անդամակցելու» յանցանքով։
Նշենք, որ վերջին ամիսներուն, Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ձերբակալուեցան առաւել քան 50 քիւրտ քաղաքապետներ, որոնք կը մեղադրուին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամակցելու կամ օժանդակելու յանցանքով։