ՍԱՔՐԱՄԵԹՕ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ 18 Մայիսէն սկսեալ, նահանգը կը պատրաստուի Յունիսի սկիզբը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով հաստատուած սահմանափակումները աւելիով մեղմացնելու՝ խօսելով կարգ մը խանութներ եւ գործառնութիւններ վերաբանալու, ինչպէս նաեւ մարզական մրցումներու, անշուշտ առանց հանդիսատեսներու, արտօնութիւն տալու մասին։
Ան դարձեալ շեշտեց, որ այս բոլորը կախեալ են վարակումներու թիւի նուազումէն եւ քննութիւններու կարելիութիւններու աճէն, որպէսզի կարելի ըլլայ բռնկումներու առաջքը առնել։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 18 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 18 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 477 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 38,451 վարակումներ եւ 1839 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններու թիւը կը հասնի 350,000ի։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 81,827 վարակումներ եւ 3321 մահեր։