ՄԱԿ.- Ըստ ՄԱԿի Ուտեստեղէնի համաշխարհային ծրագիրի վերլուծումներուն՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը աշխարհի զանազան մասերու մէջ մարդկային աղէտի եւ սովի պատճառ պիտի ըլլայ:
Վերջին հաշուարկներուն համաձայն՝ մոլորակի քառորդ միլիառ բնակիչներ արդէն իսկ 2020ին կրնան «Քորոնա»ին իբրեւ արդիւնք, սովի սպառնալիքին դէմ յանդիման գտնուիլ:
«Ներկայիս ՄԱԿի Ուտեստեղէնի համաշխարհային ծրագիրը երեք ամսուան համար ուտելիքի բաւարար պահեստներ կ՛ամբարէ ամէնէն խոցելի երկիրներուն մէջ», կ՛ըսուի այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: