Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը կը հաղորդէ, որ երկրին մէջ, 18 Մայիսի դրութեամբ, հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 4823 պարագաներ, որոնցմէ 2019ը ապաքինած են: Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած են 351 նոր պարագաներ, եւ 94 վարակուածներ արդէն ապաքինած են:
Նշենք, թէ ընդհանուր առմամբ կատարուած են 41,850 քննութիւններ: