ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ հակառակորդին հետ սահմանը, տասնեակ տարիներ առաջ, նաե հիմա լարուած է, սակայն հիմա, ի տարբերութիւն նախորդող շրջանին, շատ աւելի հանգիստ է: Փաշինեան նման տեսակէտ յայտնեց առցանց ասուլիսի մը ընթացքին` պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:
Լրագրողը մասնաւորապէս նշեց, որ վերջին ամիսներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանը լարուած է, քանի մը օր առաջ հակառակորդը մեծ տրամաչափի զէնքերով կրակած էր Տաւուշի Բերքաբեր գիւղին ուղղութեամբ եւ վնաս հասցուցած բնակելի տուներուն: Ան ուզեց գիտնալ, թէ պետութիւնը ինչպէ՛ս կը մտածէ հակազդել այդ գործողութիւններուն: Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանը վերջին տասնեակ մը տարիներուն լարուած է:
«Եւ այդ իրավիճակը կառավարելի պահելու գործիքակազմը շարունակում է մնալ նոյնը` զինուած ուժերի մարտունակութիւնը եւ մեր համախմբուածութիւնը, ուժեղութիւնը, քաղաքական-բանակցային-դիւանագիտական եղանակները: Մենք մի բան ենք ասել` Հայաստանը չի բանակցելու զէնքի սպառնալիքի ներքոյ: Եւ մենք կարծում ենք, որ Արցախի հարցը ուժային լուծում չունի: Սահմանը լարուած է, եւ եթէ ուզում էք համեմատենք, ի տարբերութիւն նախորդող շրջանի, հիմա սահմանը շատ-շատ աւելի հանգիստ է` բոլոր առումներով», յայտնեց վարչապետը:
Մենք պէտք չունինք բանակցելու՝ երբ տալիք չունինք՝ եւ ընդհակառակը՝ մենք ամբողջ Արեւմտահայաստանը առնելիք ունինք.