ՍԱՔՐԱՄԵԹՕ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ յայտարարեց, որ 18 Մայիսէն սկսեալ, նահանգը ներգաղթած այն աշխատաւորները, որոնք ցարդ կեցութեան արտօնագիր չեն ապահոված եւ որոնք տուժած են «Քորոնա» ժահրի տնտեսական ճգնաժամէն, պիտի կարենան դիմումներ կատարել՝ օժանդակութիւն ստանալու ժամանակաւոր ծրագիրէ մը։
Արդարեւ, նահանգը վաւերացուցած էր 125 միլիոն տոլարնոց հիմնադրամ մը՝ օժանդակելու համար նման աշխատաւորներու, որոնցմէ իւրաքանչիւր ընտանիք առաւելագոյնը 1000 տոլար պիտի կարենայ ստանալ։ Նահանգը իր կողմէ 75 միլիոն տոլար տրամադրած է, իսկ մնացեալ 50 միլիոնը բարեսիրական շարք մը կազմակերպութիւններ յատկացուցած են։
Նահանգին տրամադրած աջակցութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել covid19.ca.gov կայքը։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 17 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 29 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 694 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 37,974 վարակումներ եւ 1821 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը անցած է 309,000ի սահմանը։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 80,265 վարակումներ եւ 3289 մահեր։