ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Հինգշաբթի, 21 Մայիսը Քրիստոսի Համբարձման տօնն է։ Արեւմտեան թեմէն ներս, այս տօնը ամէն տարի կը տօնախմբուի Ս. պատարագով եւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթով, սակայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, այս տարի ճաշկերոյթը ջնջուած է։
Առաւօտեան ժամը 11ին, պատարագ պիտի մատուցանուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (առանց հաւատացեալներու ներկայութեան), հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Արարողութիւնը պիտի սփռուի ուղղակի Ազգային առաջնորդարանի դիմատետրի պաշտօնական էջէն՝ www.facebook.com/WesternPrelacy/։