ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է մեկնաբանութիւն մը Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման մասին համաձայնագիրին՝ ուժի մէջ մտնելուն 26ամեակին առիթով՝ նշելով, թէ համաձայնագիրը ցոյց կու տայ, որ տագնապին լուծման գործընթացին յաջողութիւնը կախեալ է երկու առանցքային պայմաններէ՝ հակամարտութիւնը ուժի միջոցով լուծելու կարելիութեան վերաբերեալ որեւէ պատրանքի բացառում եւ ամբողջական եռակողմանի բանակցութիւններու կազմակերպում, ուր հակամարտութեան իւրաքանչիւր կողմ բանակցութիւններ կը վարէ իր անունով եւ իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հարցերու շուրջ։
Մեկնաբանութեան մէջ կը նշուի, որ կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման մասին եռակողմանի համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Արցախի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ՝ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին մէջ միակ շօշափելի ձեռքբերումն է, որ հակամարտութեան հիմնական կողմերէն մէկուն՝ Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի եւ լիիրաւ մասնակցութեամբ լիարժէք եռակողմանի բանակցութիւններու արդիւնք էր:
«Անժամկէտ հրադադարին հասնելու ուղին հեշտ չէր։ Պատերազմին վերջ դնելու նախորդ փորձերը ձախողւում էին Ադրբեջանի դիրքորոշման պատճառով, որը, վստահ լինելով իր ռազմատեխնիկական գերազանցութեան մեջ, յոյս ունէր հակամարտութիւնը լուծել ուժային եղանակով: Դիւանագիտական յաջողութիւնը հնարաւոր դարձաւ միայն այն բանից յետոյ, երբ Արցախի պաշտպանութեան բանակը ետ մղեց Ադրբեջանի զինուած ագրեսիան եւ ապահովեց հանրապետութեան անվտանգ սահմանները՝ դրանով իսկ լրջօրէն խաթարելով հակամարտութիւնը ռազմական ուժի միջոցով լուծելուն ուղղուած Բաքուի ներուժը։
«Անժամկէտ հրադադարի հաստատման մասին համաձայնագրին հասնելու ճանապարհին մէկ այլ խոչընդոտ էր Արցախի Հանրապետութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Ադրբեջանի դժկամութիւնը: Սակայն իր ռազմական ներուժի զգալի թուլացումից յետոյ Ադրբեջանի իշխանութիւնները ոչ միայն դադարել են խոչընդոտել բանակցային գործընթացում պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք ներգրաւուածութեանը, այլեւ հենց իրենք են բազմիցս անմիջական շփումներ նախաձեռնել Արցախի իշխանութիւնների հետ, այդ թւում՝ ամենաբարձր մակարդակով: Ուղղակի բանակցութիւններ վարելու համար հիմնական խոչընդոտի վերացումը թոյլ է տուել կենտրոնանալ էական հարցերի վրայ, ինչը հիմք է դրել հետագայ դիւանագիտական յաջողութեանը՝ կրակի եւ ռազմական գործողութիւնների դադարեցման անժամկէտ ռեժիմի հաստատմանը։
«Դժուար է գերագնահատել 1994թ. Մայիսի 12ի համաձայնագրի կարեւորութիւնը, որը հնարաւորութիւն է տուել ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տեղափոխել քաղաքական-դիւանագիտական հուն եւ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի կողմերը միջազգային միջնորդների աջակցութեամբ կարողանան իրենց ջանքերն անմիջականօրէն կենտրոնացնել բանակցութիւնների միջոցով հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման ուղիներ փնտռելու վրայ։
«Ցաւօք, հետագայ տարիներին չյաջողուեց զարգացնել այս նուաճումը, ինչը պայմանաւորուած էր նրանով, որ Ադրբեջանը վերադարձաւ առճակատման, սպառնալիքների եւ Արցախի ուղղակի մասնակցութեամբ բանակցութիւններից հրաժարուելու իր նախկին քաղաքականութեանը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ։
Աւարտին նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ լուծման եւ հետեւողականօրէն ջանքեր ի գործ կը դնէ զինադադարի լիարժէք պահպանման համար՝ պատրաստ ըլլալով կանխելու Ատրպէյճանի կողմէ հերթական յարձակման սանձազերծման որեւէ փորձ», կ՛ըսուի մեկնաբանութեան մէջ։