ԿԱՐՕ (ԸՍԹԷԶ) ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր, խնամիին եւ հարազատին՝ Կարօ Գազանճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020ին։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Մարօ Գազանճեան
Դուստրը՝ Սարին եւ Ատամ Միքայէլեան
Զաւակը՝ Միրաք Գազանճեան
Եղբայրը՝ Երուանդ եւ Շաքէ Գազանճեան եւ զաւակները
Եղբօր կինը՝ Մարի Գազանճեան եւ զաւակները
Եղբօր կինը՝ Արաքսի Գազանճեան եւ զաւակները
Աներորդին՝ Հրաչ եւ Հուրիկ Թաթլեան եւ զաւակները
Խնամին՝ Սթիւ եւ Նանէթ Միքայէլեան եւ զաւակները
Եւ համայն Գազանճեան, Գոսագեան, Աբօշեան, Տարագճեան եւ Գալուստեան ընտանիքները, հարազատներն ու ընկերները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլեճին (www.AMAA.org, please choose memorial-donations – and designate the gift to the Armenian Evangelical Schools (Lebanon) – Note “AEC Fund in Memory of Garo Kazanjian” & feel free to include a message). Checks payable to AMAA, 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652․- Memo: AEC in memory of Garo Kazanjian.
ԿԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի 2002ի 27րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու տիպար ՀՄԸՄականին, մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը եւ անոր 19 մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Մարօ Գազանճեանին, դստեր՝ Սարին եւ Ատամ Միքայէլեաններուն, զաւակին՝ Միրաք Գազանճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։