ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեան պիտի բանտարկուի: Այս որոշումը հրապարակեց Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շենգաւիթի նստավայրի դատաւոր Արտուշ Գաբրիէլեան` այսպիսով բաւարարելով նախաքննական մարմինին միջնորդութիւնը:
Պետական եկամուտներու կոմիտէի քննչական վարչութեան մէջ քննուող քրէական գործին ծիրին մէջ, Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեան կը մեղադրուի ապօրինի հարստացման, յայտարարագրման ենթակայ առանձնապէս մեծ չափի տուեալներ թաքցնելու եւ անօրինական կերպով հսկայական գոյք օրինականացնելու յանցանքով։ Մինասեան չ՛ընդունիր իրեն ուղղուած մեղադրանքը։ Անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարուեցաւ։
Յարգելի «Ասպարէզ»-ի խմբագիր(ներ),
Միքայէլ Մինասեանի մասին լրատուութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է տալ ընթերցողներուս. ի մասնաւորի այս ձերբակալութեան որոշումին նախորդող Մ. Մինասեանի հրապարակած ամբաստանութիւնը Ն. Փաշինեանին դէմ, որ Ա. Վանեցեանի (ԱԱԾ-ի այդ օրերու տնօրէնը) միջոցաւ նիւթական եւ բարոյական առեւտուրի առաջարկներ ըրած է իրեն՝ ներկայ իշխանութեան հանդէպ լուռ մնալ, իր կողմնակիցները լուռ պահել, «որոշ» հիմնադրամի մը նիւթական նուիրատուութիւն կատարել, Հայաստան չվերադառնալ եւ այլն, փոխան՝ իր դէմ քրէական գործերը չարծարծելու եւ չեղարկելու:
Ըստ երեւոյթին, երբ պայմանաւորուածութիւնը չէ իրականացած, ձերբակալութեան որոշումը Ն. Փաշինեանի փափաքած, իբրեւ թէ «անկախ դատաւոր»-ն ալ հրապարակած է…