ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կիպրէյեսուսի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ:
Վարչապետը ներկայացուց «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լոյսին տակ, Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ անոր դէմ մղուած պայքարին ծիրին մէջ, կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին «Քորոնա»ի պատճառած համաշխարհային իրավիճակին շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց ստեղծուած իրավիճակին մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Կողմերը քննարկեցին նաեւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Առողջապահական համաշխարհային կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան հարցերը եւ անդրադարձան անոնց ընդլայնման հեռանկարներուն:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կիպրէյեսուս աւելի ուշ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ անդրադարձաւ Փաշինեանի հետ զրոյցին՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով Հայաստանի տրամադրութեան տակ դնելու մասնագէտներ։ «Շնորհակալութիւն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ շատ լաւ հեռաձայնային զրոյցին եւ «Քորոնա»ի արձագանգման հարցին մէջ ազգային մակարդակով առաջնորդութեան համար: Մենք քննարկեցինք իրավիճակը Հայաստանի մէջ եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան խորհրդատուութիւնները՝ սահմանափակումներու դրութեան թուլացման հարցին մէջ: Մեր փորձագէտները պատրաստ են աջակցելու Հայաստանին «Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ», գրած է Կիպրէյեսուս: