ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նորագոյն հակահայ արտայայտութեան։
Էրտողան, խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին՝ նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց արտօնութիւն պիտի չտայ որեւէ գործողութիւն իրականացնելու։
6 Մայիսին, Փայլան՝ պատասխանելով Էրտողանի այս յայտարարութեան, գրառում կատարեց՝ նշելով. «Էրտողան երէկ երեկոյեան իր ատելութեամբ լեցուն ելոյթին ընթացքին դարձեալ օգտագործեց «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը։ Այդ արտայայտութիւնը կ՛օգտագործուի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած որբերը անուանելու համար, ինչպէս օրինակ մեծ մայրս։ Ամէն անգամ այս արտայայտութիւնը լսելով՝ մեր վէրքերէն դարձեալ արիւն կու գայ։ Անիկա շատ անգութ արտայայտութիւն է»։
what you aspect from this sort of fanatic ignorant person?
Ստորին Թուրքը որպէս ցեղ ստորին ցեղ մըն է եւ չի փոխուիր.