ՊԷՅՐՈՒԹ․- 5 Մայիսին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի առցանց երկրորդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ Դատի առաջնահերթութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին բանաձեւերէն ետք», իսկ զայն վերլուծական եւ համապարփակ զեկուցումով մը ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեան:
Լսարանը վարեց «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներէն Մինաս Հանս Քէհէեան:
Չուլճեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու պատմականը՝ բացատրելով իւրաքանչիւր փուլին որդեգրուած ձեւին ունեցած արդիւնքները: Ապա զեկուցաբերը պարզեց Ամերիկայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն ընդհանուր համայնապատկերը` կեդրոնանալով տարբեր բնոյթի աշխատանքներու վրայ` կրթական, քաղաքական եւ իրաւաբանական:
Չուլճեան շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքներուն առընթեր Հայաստանի հզօրացման, Արցախի միջազգային ճանաչման, Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ նման հրատապ օրակարգերու ընդառաջ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին տարած գործունէութեան վրայ:
Զեկուցումին աւարտին հարցումներու եւ տեսակէտներու ճամբով քննարկումին մասնակցեցան Զուիցերիայէն, Կիպրոսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սէուտական Արաբիայէն, Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն «Ազդակ» ի լսարանականները: