ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին վրայ «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) համաճարակին բացասական հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով, Աշխատանքային յանձնախումբը վերջին քանի մը շաբաթներուն զանազան ձեւերով աջակցութիւններ տրամադրեց համայնքին։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի COVID19ի Աշխատանքային յանձնախումին մաս կը կազմեն տասնամեակներով համայնքին նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն, ՀՄԸՄէն, Համազգայինէն, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինէն ներկայացուցիչներ:
Շնորհիւ համայնքի գործարար եղբայրներ Գեւ եւ Վիգ Գույումճեաններուն եւ անոնց հօր՝ Ժագ Գույումճեանի կատարած նուիրատուութեան՝ յանձնախումբը հազարաւոր դիմակներ բաժնեց համայնքին մէջ: Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու տարածքին բաւարար դիմակներու չգոյութիւնը եւ անսալով տունէն դուրս դիմակներով դուրս ելլելու տեղական իշխանութիւններուն կոչերուն՝ աշխատանքային յանձնախումբը դիմակներուն մէկ մասը նուիրեց անոնց կարիքը ունեցող Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին, իսկ մնացեալը՝ շրջանի հայ համայնքին։
Նաեւ, հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրին հետ, ժողովուրին համար» նշանաբանին՝ ուտեստեղէնի օժանդակութիւններ տրամադրուեցան հայ կարիքաւորներուն՝ Հոլիվուտի, Փասատինայի, Պըրպենքի, Օրենճ գաւառի, Կրանատա Հիլզի, Մոնթեպելլոյի, Հովիտի, Նորթ Հոլիվուտի եւ Կլենտէլի Հայ կեդրոններուն համակագումով, միշտ յարգելով ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու տեղական իշխանութիւններուն ցուցմունքները։ Կլենտէլի Հայ կեդրոնը նաեւ արիւրարշաւ մը կազմակերպեց, անսալով Ամերիկեան Կարմիր Խաչի կոչին։
Նշեալ նախաձերնութիւններուն վերաբերեալ յաւելեալ նկարներ եւ տեսանիւթեր դիտելու համար այցելել http://asbarez.com/193951 կայքէջը։
Աշխատանքային յանձնախումբին դիմելու կամ անոր զօրակցելու համար հեռաձայնել (818) 507-1933 թիւին կամ այցելել http://armeniantaskforce.com/կայքը։