ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 30 Ապրիլին Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը աւելցաւ 134ով, այսպիսով ընդհանուր թիւը հասաւ 2066ի։ Առողջացածներուն թիւը 929 է, բուժուողներունը՝ 1103, ընդհանուր քննութիւններունը՝ 21,125 է, մահերունը՝ 32։
Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Սիմոնեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ 94ամեայ Հրանուշ մայրիկը յաղթահարած է «Քորոնա» ժահրը եւ վերադարձած տուն։