ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 62 նոր պարագաներ: Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
27 Ապրիլի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 1808ի, արձանագրուած են մահուան 29 (աւելցած է մէկով) պարագաներ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած են 18 հազար 547 քննութիւններ։ Բուժուածներուն թիւը բարձրացած է 15ով՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 848ի։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանան 931 վարակուողներ: