ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել «Քորոնա» ժահրին դէմ սեփական միջոցներով պայքարելու համար: Այս անգամ Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարանի մասնագէտները պատրաստած են օզոնային 20 շարժակներ, որոնք նախատեսուած են փակ տարածքներու, նաեւ բժշկական սարքաւորումներու ախտահանման համար: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը արդէն ձեռք բերած է զանոնք։ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին պատմեց տարրալուծարանի տնօրէն Անի Ապրահամեան:
«Մեր լաբորատորիան (տարրալուծարանը-Խմբ.) ընդհանուր առմամբ այս գործերով չի զբաղւում, բայց քանի որ կորոնավիրուսի, արտակարգ դրութեան պատճառով անհրաժեշտութիւն կար, մենք որոշեցինք մի բան անել: Եւ մտածեցինք՝ ամենալաւն այն կը լինի, որ կարողանանք մի բան ստեղծել, որը կ՛ախտահանի», պատմեց Ապրահամեան:
Ան օզոնային շարժակի գաղափարը յիշած է սփիւռքահայ բժիշկի մը հետ խօսակցութենէն, փնտռած է այդ մարդը, գտած Հայաստանի մէջ, միասին քննարկած են հարցը, բարեփոխած են ձեւաւորումը եւ սկսած պատրաստութեան գործընթացին: «Օզոնային գեներատորներ շատ կան աշխարհում եւ տարբեր կիրառութիւններ ունեն: Մեզ համար կարեւոր էր մտածել մի բան, որը կ՛ոչնչացնի վիրուսը: Մեր սարքած օզոնային գեներատորները կարող են 1 ժամուայ մէջ 140 խորանարդ մետր ախտահանել», ըսաւ Ապրահամեան՝ աւելցնելով, որ ժամացոյցներ տեղադրուած են երկու ժամուան համար։
Այս սարքերը կ՛արտադրուին նաեւ Չինաստանի մէջ, սակայն անոնց սակը կը տատանի 100-1000 տոլարի միջեւ: «Մեր սարքածը միջին որակի մի բան եղաւ՝ համեմատելով չինականի հետ: Իւրաքանչիւրի համար նիւթերի ծախսը կազմեց 42 հազար դրամ, գործն անվճար արեցինք», ըսաւ ան աւելցնելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային անոնք կրնան վաճառուիլ 60-80 հազար դրամի սահմաններուն մէջ:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Ալինա Նիկողոսեան յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ գնուած 20 օզոնային շարժակները տեղադրուած են հիւանդանոցներուն մէջ։