ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջերս հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինուած ուժերու գլխաւոր փոխհրամանատար շէյխ Մոհամմետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ գործակցութեան կարելիութիւնը։ Գահաժառանգը պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ձեւով օժանդակելու Հայաստանին:
Այս համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք` 27 Ապրիլին, յատուկ թռիչքով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Երեւան բերուեցան 7 թոն բժշկական պարագաներ՝ նախատեսուած «Քորոնա»ին դէմ պայքարին համար: Ամբողջ բեռը նուիրատուութիւն է Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ՝ ի հաւաստում Հայաստանի հանդէպ ունեցած բարեկամական ու առանձնայատուկ վերաբերմունքին։ Այս բժշկական օգնութենէն պիտի օգտուին առաւել քան 7 հազար բժշկական աշխատողներ։
Հայաստանի մօտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Մուհամմետ Իսա ալ Քատտամ Ալ Զաապի ըսաւ, որ Էմիրութիւններուն համար պատիւ է օգնելու այլ երկիրներ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ։ Ան նշեց, որ Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութիւնը, ժողովուրդը եւ բոլոր բժշկական անձնակազմը կը միաւորեն իրենց ջանքերը՝ յանուն այս ճգնաժամի յաղթահարման։ Մենք կը գիտակցինք, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ յաղթահարել ժահրը միայն միահամուռ ջանքերով եւ կառուցողական համագործակցութեամբ»։