ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ապրիլ 24ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանութիւնը, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, պատարագի սրբազան արարողութեան մասնակցեցաւ Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ: Այս առիթով խոնարհումի համար դուրս բերուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն մասունքարանը:
Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ աղօթեց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն համար: Այս առիթով ան նաեւ յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այս տարի համավարակի պատճառով հնարաւորութիւն չունենք ուխտաւորաբար քայլելու դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը, համախմբուելու մեր եկեղեցիներում եւ յուշակոթողների առջեւ` մեր սուրբ նահատակների յիշատակը ոգեկոչելու համար: Այս իրավիճակում ընտանեկան յարկերից ներս եւ մեր նահատակների անմար յիշատակի առջեւ հոգեւոր միասնութեամբ աղօթենք եւ ուխտենք` իրագործել ազգային նուիրական տեսիլքները ազատ ու անկախ մեր հայրենիքի ապահովութեան, առաջընթացի ու բարօրութեան, սփիւռքի առաւել շէնացման, Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման, մեր արդար դատի` պահանջատիրութեան յաղթանակի: Այս իղձերը կարող ենք կեանքի կոչել ազգի ու հայրենեաց հանդէպ պարտքի ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, ազգային միաբանութեամբ եւ մեր ջանքերը միաւորելով` ի սէր հայրենեաց եւ հայոց լուսաւոր գալիքի»:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հայութիւնը հրաւիրեց՝ աղօթքով հայցելու մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած, որ յարուցեալ Քրիստոսի շնորհներու եւ օրհնութեան ներքոյ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ ընթանայ մեր կեանքը, յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացած առկայ փորձութիւնները, եւ Տիրոջ օրհնութիւնն ու խնամքը հովանի ըլլան մեր hայրենիքին ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին` այսօր եւ միշտ: