ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը կը շարունակեն մնալ Դաշնակցութեան հիմնական օրակարգային հարցերուն առանցքը: Այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 24 Ապրիլին, Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին առիթով 24 Ապրիլին, Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին Կոմիտասի շիրիմին եւ, ի դէմս անոր, խոնարհեցան Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրի դերին ու իմաստին՝ շեշտելով, որ անիկա Հայ Դատի լուծման ուղղութեամբ համազգային ուժերը համախմբելու իմաստով շատ կարեւոր փաստաթուղթ է, որուն պէտք է հաւատարիմ մնայ պետութիւնը։ Ըստ անոր՝ Դաշնակցութիւնը միշտ առաջին շարքերուն մէջ եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, վերականգնման եւ պահանջատիրութեան հարցը օրակարգի վրայ պահելու առումով:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ պահանջատիրութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է ըլլան Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ, եւ եթէ յայտնուի ոեւէ մէկը, որեւէ հիմնարկ, պաշտօնեայ, որ այս հարցը դնէ հարցականի տակ, Դաշնակցութիւնը շատ կտրուկ պիտի արձագանգէ: Ասիկա մեզի համար սկզբունքային խնդիր է, եւ, կը կարծեմ, հայ ժողովուրդի պայքարի հետագայ շարունակականութեան իմաստով կարեւոր գրաւական է, շեշտեց ան։
Ի. Սաղաթէլեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն աշխատանքներուն` փաստելով, որ վերջիններս ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարեն հետեւողական աշխատանքներ` թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման եւ թէ Արցախի ու Հայաստանի շահերու հետապնդման առումով: