ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վերահաստատեց, որ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի ամբողջական ու լիիրաւ ընդգրկուածութեան որեւէ արդիւնաւէտ փուլի կարելի չէ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ։ Ան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ մեկնելով հասարակութեան անհանգստութիւններէն՝ այս տագնապին շուրջ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ պարբերաբար տեղի ունեցող քննարկումներուն գծով։ Ան հաստատեց, որ Արցախ մեծապէս շահագրգռուած է տագնապին խաղաղ ու վերջնական լուծումով եւ կը գիտակցի, որ անիկա իր վճռական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շրջանին մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ՝ ակնկալելով նոյն գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ:
«Ի հարկէ, մենք բարձր ենք գնահատում Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների բացառիկ դերակատարումն այս հարցում, բայց պէտք է ընդունել, որ բանակցային սեղանին ներկայացուած ցանկացած առաջարկի կամ փաստաթղթի շուրջ Արցախի ժողովրդի անունից բանակցելու համար առաջնային մանդատը ստացել են Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները», կը գրէ Յարութիւնեան՝ դիտել տալով, որ ուշադիր հետեւելով 20-21 Ապրիլին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումներուն՝ ցաւօք կարելի է արձանագրել, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն խուսափիլ հակամարտութեան իրական կողմին հետ ուղիղ բանակցութիւններ վարելէ: Ըստ անոր՝ այս մօտեցումը, սահմանագիծին վրայ պարբերաբար կրկնուող սադրանքներու եւ հայատեաց քաղաքականութեան զուգահեռ, մեծապէս կը նուազեցնեն պաշտօնական Պաքուի ձգտումներուն ազնուութեան ու վստահելիութեան մակարդակը:
Իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահ՝ ան յայտարարեց.
«1. Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պէտք է լիիրաւ ու լիարժէք հիմունքներով մասնակցեն հակամարտութեան խաղաղ եւ վերջնական կարգաւորմանն ուղղուած գործընթացի բոլոր փուլերին.
- Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը որեւէ պարագայում չի կարող վտանգի տակ դրուել կամ սակարկութեան ենթարկուել.
- Առանց Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթ ճանաչման հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ տարբերակ չի կարող կողմերի միջեւ բովանդակային քննարկման առարկայ դառնալ.
- Պէտք է յստակ երաշխիքներով բացառուեն հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում ուժի ու դրա սպառնալիքի կիրառման փորձերը, քանի որ հայ եւ ադրբեջանցի ժողովուրդներն արժանի են խաղաղութեան մեջ ապրելու. այլապէս Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է անհամաչափ հակահարուած տալու նախայարձակ Ադրբեջանին՝ ռազմական գործողութիւնները նաեւ տեղափոխելով նրա տարածք.
- Հակամարտութեան կարգաւորման ցանկացած տարբերակում բացառւում են Արցախի իշխանութիւնների կողմից միակողմանի զիջումներ կամ անհամաչափ ու անհամարժէք փոխզիջումներ.
- Հակամարտութեան կարգաւորման եւ դրա յարակից գործընթացներում հայ փախստականներն ու ներքին տեղահանուած անձինք պէտք է իրաւահաւասար ներգրաւուածութիւն ունենան ադրբեջանցի փախստականների ու ներքին տեղահանուած անձանց հետ միասին, իսկ նրանց հիմնախնդիրները՝ միանման ու միաժամանակեայ լուծումներ ստանան.
- Միջազգային հանրութիւնը (առաջնահերթօրէն՝ ԵԱՀԿն եւ համանախագահ երկրները) պէտք է բացառեն Արցախի բնակիչների իրաւունքների՝ հակամարտութեամբ ու ԱՀ միջազգային կարգավիճակով պայմանաւորուած խախտումներն ու սահմանափակումները, ներառեալ՝ մարդու իրաւունքներին առնչուող ու մարդասիրական միջազգային ծրագրերից փաստացի մեկուսացումը, որոնք Ադրբեջանը փորձում է կիրառել առնուազն որպէս ճնշման միջոց՝ ի հեճուկս միջազգային իրաւունքի հանրայայտ սկզբունքների:
«Արցախի իշխանութիւններն ինչպէս նախկինում, այնպէս էլ ապագայում պատրաստակամ են գործադրելու առաւելագոյն ջանքեր փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտում կողմերի միջեւ վստահութեան ամրապնդման եւ հակամարտութեան խաղաղ ու վերջնական կարգաւորման հարցում անհրաժեշտ կամք դրսեւորելու եւ առաջընթաց արձանագրելու համար»:
Փոխադարձ յարգանք և վստահութիւն