ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան անդրադարձաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւններուն՝ նշելով, որ ինչպիսի առաջարկներ ալ մշակուին ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ, ինչ անուն ալ ունենան անոնք, Արցախի համար անընդունելի պիտի ըլլան այն բոլոր տարբերակները, որոնք պիտի մշակուին եւ քննարկուին առանց հակամարտութեան անմիջական կողմին՝ Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան: «Իսկ վերջին յայտարարութիւնը, թէ սեղանին փուլային տարբերակով կարգաւորման պլանն (ծրագիրը-Խմբ.) է, Ստեփանակերտին նորից է համոզում Արցախի մասնակցութեան պարտադիր լինելու մեջ, ընդ որում՝ բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերում», կը յայտնէ Ղուլեան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։
Ղուլեան նաեւ նամակ ուղարկեց ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Կեորկի Ծերեթելիին եւ ԽՎ Բիւրոյի անդամներուն՝ արձագանգելով համաշխարհային զինադադարի պահպանման ուղղուած կոչին եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւններուն։
Դիտել տալով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը անմիջապէս արձագանգած է ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարին կոչին՝ 24 Մարտին վերահաստատելով ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութիւնը խստօրէն պահպանելու իր յանձնառութիւնը եւ շեշտելով, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը սեփական քաղաքական օրակարգին ծառայեցնելու որեւէ փորձ կրնայ շատ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ միջազգային հանրութեան համար՝ Ղուլեան նշեց, որ այս ճգնաժամը պէտք չէ օգտագործուի մարդու իրաւունքներու սահմանափակման, ներառեալ՝ ընտրելու եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով իշխանութիւններ ձեւաւորելու իրաւունքի գործադրութեան։
«Այս համատեքստում Արցախում վերջերս կայացած ընտրութիւնների վերաբերեալ ԵԱՀԿ ԽՎ բիւրոյի անդամների դիտարկումները խորը հիասթափութիւն են առաջացնում: Աւելին, այդ դիտարկումներն արմատապէս տարբերւում են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների դիրքորոշումից եւ գնահատականներից, որոնք իրենց 31 Մարտ 2020ի յայտարարութիւնում «ճանաչել են Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերն իրենց ապագան որոշելու գործում»: Նմանատիպ դիտարկումները հակասում են նաեւ ԵԱՀԿ ԽՎ ղեկավարութեան կողմից բազմիցս արուած յայտարարութիւններին առ այն, որ իրենք լիովին սատարում են ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների ջանքերին», կը գրէ Ղուլեան։
Ազգային ժողովի նախագահը նամակին մէջ կը շեշտէ, որ Արցախի Հանրապետութեան համար ընտրութիւնները նորութիւն չեն եւ 1991ի անկախութենէն ի վեր եղած են երկրի քաղաքական կեանքին անբաժանելի մասը, նոյնիսկ ԵԱՀԽ/ԵԱՀԿ խորհուրդի առաջին լրացուցիչ հանդիպման իբրեւ արդիւնք 1992ի Հելսինկեան որոշման մէջ նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներուն՝ բանակցութիւններու կողմ հանդիսանալու հանգամանքը: Ան այս ծիրին մէջ կը յիշէ նաեւ այլ հանգամանքներ, երբ Արցախի իշխանութիւններուն հետ կապ հաստատուած է։
Իրականացած վերջին ընտրութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն մասին տեղեկութիւններ տալով՝ Աշոտ Ղուլեան կը հաստատէ հետեւեալը. «Հարկ է նաեւ նշել, որ 1991 թուականի անկախութիւնից ի վեր Արցախում մի շարք ընտրութիւններ եւ հանրաքուէներ անց են կացուել ծայրաստիճան դժուար, այդ թւում՝ Ադրբեջանի կողմից գնդակոծման եւ ռմբակոծման պայմաններում: Թոյլ տուէք վստահեցնել, որ ինչպէս այն օրերին, այնպէս էլ այսօր Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները հաւատարիմ են մնում ազատ, անկախ եւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու իրենց ընտրած ուղուն եւ այդ ճանապարհին պատրաստ են յաղթահարելու ցանկացած խոչընդոտ եւ մարտահրաւէր»: