ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 22 Ապրիլին, ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակին մէջ Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին հետ:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան, Ազատ հայրենիք կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Վահրամ Բալայեան, Արթուր Մոսիեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ»ի խմբագիր Արա Պուլուզեան:
Դաւիթ Իշխանեան նախ իր եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցին կողմէ շնորհաւորեց Արայիկ Յարութիւնեանը՝ Արցախի նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ իր նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս հանդիպումը քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու շրջագիծին մաս կը կազմէ:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան այս ծանր ժամանակաշրջանին Արցախի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղիներուն շուրջ:
Ընտրուած նախագահը կարեւոր նկատեց Դաշնակցութեան առանձնայատուկ դերը Արցախի պետական համակարգի կայացման եւ երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու առումով:
Կողմերը հաստատեցին, որ միտքերու փոխանակման եւ միմեանց տեսակէտներուն ծանօթանալու համար հանդիպումներու առիթներ յառաջիկային եւս պիտի ըլլան։