ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով՝ Հայաստանին տրամադրուելիք ամերիկեան օգնութեան ծրարէն 25 միլիոն տոլարը վերադասաւորելով՝ անյապաղ յանձնելու՝ Հայ Դատի առաջարկը քննարկելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումը։
Արդարեւ, նախարարութիւնը յանձնարարած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Լին Թրէյսիին՝ քննել Հայ Դատի յանձնախումբին նշեալ առաջարկը իրականացնելու կարելիութիւնները, ինչ որ նպաստին յանձնումին առաջին քայլը կը հանդիսանայ։
Յիշեցնենք, որ 3 Ապրիլին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի յղուծ նամակով մը, Համբարեան շեշտած էր, թէ այս հանգրուանին Հայաստանին անհրաժեշտ են բժշկական սարքեր եւ նիւթեր, ինչպէս նաեւ տնտեսական աջակցութիւն՝ «Քորոնա» ժահրէն տուժած ընտանիքներուն օգնելու համար, Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած օժանդակութեան առնուազն 25 միլիոն տոլարին անյապաղ յանձնումը յոյժ կարեւոր նկատելով։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի ծիրին մէջ, Ուաշինկթըն ցարդ 1․7 միլիոն տոլար յանձնած է Հայաստանին։